2008-11-10 14:21:52

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը կ`ողջունէ երկխօսութիւնը Թայուանի եւ Չինաստանի իշխանութիւններու միջեւ ։


 Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Չինաստանի հանրապետութեան նոր դեսպանը` տիար Wang Larry Yu-yuan, հաւատարմագրերու ներկաղացումին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց վերջերս հաստատուած երկխօսութիւնը Թայուանի եւ Չինաստանի իշխանութիւններու միջեւ, մաղթելով որ երկխօսութիւնը ըլլայ անկեղծ եւ կառուցողական, նոյնպէս իր խնդակցութիւնը յայտնեց որ Թայուանի կղզիին մէջ կը տիրէ կրօնական ազատութիւնը։ Անկեղծ եւ կառուցողական երկխօսութիւնը, ընդգծեց Սրբազան Պապը բանալին է ընդհարումներու լուծումին, յառելով թէ որքան կարեւոր է , մեր ներկայ աշխարհի մէջ, որ զանազան ժողովուրդներ կարող ըլլան իրարզիրար անսալու յարգանքի ու ներդաշնակ մթնոլորտի մը մէջ։

Յայտնենք թէ անցեալ շաբաթ Թայունաի նախագահը Ma Ying-jeou եւ Չինաստանի նախարար Chen Yunlin հանդիպում ունեցան Թայբէյի մէջ։ Այս պատմական հանդիպումին, առաջինը 1949էն ասդին, երկու դրաձի պետութիւնները նոյեմբեր 4-ին տնտեսական շարք մը համաձայնութիւններ կնքած են, 60 տարիներու թշնամութենէ ետք։

Չինաստանը չի ճանչնար Թայուանի կառավարութիւնը եւ Ս. Աթոռէն կը պահանջէ, որ խզէ իր յարաբերութիւնները Թայբէյի հետ, առաքելական դեսպանութիւն բանալու հեռանկարով։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը ի լուր Հայթիի մէկ դպրոցին կործանումին,

Ի լուր մարդկային նոր ողբերգութեան մը որ հարուածեց Հայթին, յետ դպրոցի մը կործանումին, Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Սրբազան Հօր, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց երկրի եկեղեցական իշխանութեան յայտնելով Սրբազան Հօր մօտիկութիւնը ու աղօթքը բոլոր զոհերուն ու անոնց պարագաներուն։ Սրբազան Հայրը Աստուծմէ կը խնդրէ որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը ու սփոփէր վիրաւորեալները։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը կու տայ զոհերու պարագաներուն։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը նոյեմբեր 13ին պիտի ընդունի Պրազիլի նախագահը։

Պրազիլի նախագահ Լուլան պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Վատիկան, յայտարարած է Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը ղիշեցնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը նախագահ Լուլային հետ համնդիպում ունեցաւ Պրազիլի մայիս 10 2007-ին Սան Բաոլոյի մէջ, Պրազիլ կատարած այցելութեան ընթացքին։



Քահահանայապետական նշանակում

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը նոյեմբեր 8-ին 2008 նշանակեց գերապայծառ Rino Passigato որպէս առաքելական դեսպան Փորթուկալի մօտ։ Նոր դեսպանը կը յաջորդէ գերապայծառ Alfio Rapisarda-ի։ գերապայծառ Passigato մինչեւ օրս կը վարէր առաքելական դեսպանի պաշտօնը Փերուի մօտ, նախապէս` առաքելական դեսպան եղած է Պիւրիւնտիի եւ Պոլիվիայի հանրապետութիւններու մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.